Ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառը MAJIS նախ եւ առաջ իր գնահատանքը յայտնեց եղած արտայայտութիւններուն եւ մայիսեան փառքը կերտած բոլոր հերոսներուն յիշատակը անմահացած տեսաւ անոնց յիշատակը յարգողներուն անձին մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց Մայիս 28-ի ոգին, որ իր խորհուրդով ու պատգամով անցած է արդէն ժամանակի սահմանը, ու յաւերժօրէն կը սալարկէ հայ ժողովուրդի հաւաքական պայքարի ուղին: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. «Հայոց պատմութեան մէջ թուականներ կան, որոնք իրենց ոգիով ու մարտահրաւէրով, կ՛անդրանցնին տուեալ ժամանակներու սահմանները եւ կը պատկանին յաւերժութեան: Անոնք մնայուն յուշարար են ու պատգամ ուղղուած բոլոր ժամանակներու սերունդներուն` իրենց կեանքը անոնցմով լեցնելու ու կռանելու եւ իրենց պայքարի ճամբան
հունաւորելու ու լուսաւորելու:

«28 մայիս 1918-ին, Վարդանանց ոգիով մղուած Սարդարապատի ճակատամարտը մնայուն պատգամ մըն է ուղղուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն` շարունակելու Սարդարապատին մէջ սկսած պատերազմը` ի խնդիր ամբողջական Հայաստանին:
«Արդարեւ, ազգերը կը գոյատեւեն, երբ իրենց կեանքը վերածեն բարոյական ու ազգային արժէքներու յաւերժացման ու իրենց մարդկային իրաւունքներու վերատիրացման համար մղուող մնայուն պայքարի: Վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն կեանքը սոսկ ապրիլ մըն է ժամանակի ու միջոցի սահմաններուն մէջ: Մեր ժողովուրդին կեանքը եղած է մնայուն խոյանք մը, հաւաքական պայքար մը` ի խնդիր հաւատքի յաւերժացման ու հայրենիքի փրկութեան:
«Արդ, Մայիս 28-ով սկսուած մեր ժողովուրդի պայքարը պէտք է շարունակուի: Մայիս 28-ով կերտուած ներկայ Հայաստանը կտոր մըն է միայն. մեր ժողովուրդը կը ձգտի ամբողջական Հայաստանին: Ներկայով միայն բաւարարուիլը փաստօրէն մոռնալ է անցեալը: Մայիս 28-ի պատգամը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ պէտք է միշտ հնչէ. պէտք է Արցախը աւելի զօրանայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը աւելի ամրապնդուի, մեր ազգային պահանջատիրութիւնը աւելի հզօրանայ, որպէսզի կարենանք վերանորոգ կամքով շարունակել մեր ազգային պայքարը ամբողջական Հայաստանի տեսլականով», եզրափակեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Դպրեվանքի երգչախումբը այնուհետեւ ազգային հայրենասիրական երգեր կատարեց, ինչպէս նաեւ սարդարապատեան գոյապայքարին յաղթանակը պանծացնող «Երբ չի մնում ելք ու ճար» երգը հնչեցուց, որուն մասնակից դարձաւ նաեւ ներկայ ժողովուրդը:
Մայիսեան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վեհափառին պահպանիչ աղօթքով, որմէ ետք ներկաները աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին անոր:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել