ՍՓԻՒՌՔԸ չի բաղկանար միայն ազգային ջոջերէ, էսթապլիշմենթային գործիչներէ, կուսակցականներէ, որոնք չեն կրնար ներկայացնել զայն, չեն կրնար խօսիլ անոր անունով, քանզի անոնք՝ մեծաւ մասամբ, նշանակուած են, չեն ընտրուած մեր ժողովուրդին կողմէ....ՍՓԻՒՌՔԸ, աւանդական ՍՓԻՒՌՔԸ, էապէս ՏԱՐԱԳԻՐ մեր ժողովուրդի շառաւիղներէն կազմուած եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած մեր «փոշի ազգ» ժողովուրդն է, որ ցարդ չունի զինք լիարժէք ներկայացնող, ԸՆՏՐՈՎԻ կայացած ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, որ կարենար իր անունով խօսիլ, որոշումներ ընդունիլ, գործել....Մինչդեռ, նման ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կայացումով, ՍՓԻՒՌՔԸ կրնայ վերակազմակերպուիլ, հաւաքագրել իր տարտղնուած ոյժերը, բռունցքաւորուիլ համահայկական նպատակներու եւ հիմնախնդիրներու շուրջ, մեր ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ շուրջ եւ ԽՏԱՆԱԼ, ԽՏԱՆԱԼ, ԽՏԱՆԱԼ.....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել