«Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը շատ յաճախ ձիւնոտ եւ ցուրտ, սակայն ընտանիքի բոլոր անդամները բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ուրախութիւն կ’ընեն. կանայք պատրաստած կ’ըլլան օրուան յատուկ ուտելիքները՝ ոսպնաթան, տակապուր, հափուսա, փոշեջուր. մառաններէն կը բերեն չամիչ, ընկոյզ, սուճուխ, պաստեղ, լեպլեպու, նարինջ, նուռ, սերկեւիլ, եւայլն, եւ կը շարեն սուֆրիին (ցածլիկ սեղան) վրայ: Շատ յաճախ տան մեծ հայրիկը կամ մեծ մայրիկը հեքիաթ կը պատմէ: Յանկարծ ծխնելոյզէն տոպրակ մը կը կախուի. Զէյթունի մէջ, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ, Կաղանդի գիշերը 14-18 տարեկան պատանիները քանի մը հոգիէ բաղկացած խումբեր կը կազմեն եւ շրջելով տունէ տուն, իրենց պարկը կը կախեն ծխնելոյզէն եւ տան անդամներէն կաղընտաս (կաղանդչէք, կաղանդի առիթով տրուած նուէր) կ’ուզեն:
Զէյթունի տուները շինուած ըլլալով աստիճանաձեւ, մէկուն տանիքը միւսին բակը կը հանդիսանայ. հետեւաբար դիւրին է կրակարանի անցքէն յարաբերիլ տանտէրերու հետ: Տնեցիները կը լեցնեն պարկը սեղանի բարիքներով, երբեմն նաեւ չորս կամ ութ մէթէլիւքնիւց (1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը նուիրեն: Իւրաքանչիւր հայ կը հաւատայ, որ տան բարիքներէն կաղանդչէք տալով, իր տան բարիքները կ’աւելնան: Ուրախութիւնն ու կերուխումը կը շարունակուի մինչեւ կէս գիշեր:
Առտու տան բոլոր անդամները կը շտապեն եկեղեցի տարուայ առաջին պատարագին ներկայ գտնուելու: Վերադարձին կը սկսին իրար շնորհաւորել. մեծահասակները տունը նստած կը սպասեն իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք հերթաբար կը մօտենան եւ կը շնորհաւորեն զանոնք: Կը շնորհաւորեն եւ կ’օրհնեն նաեւ տան անասունները եւ թռչունները: Ապա այցելելով դրացիներուն կը շարունակեն շնորհաւորանքները»:
(Նյութը և լուսանկարը՝ Houshamadyan կայքից)