ՀԱՅՈՒԹԵՆԷՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ոչինչ կը մնայ, եթէ մենք որդեգրենք օտարին ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԸ, անով ապրելու, անով սնանելու համար: Ազգային-մշակութային-հոգեւոր ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ամբողջութիւնն է, որ վճռորոշ է ազգային մեր պետականութեան յարատեւման համար....Այլապէս մենք կրնանք ձուլուիլ եւ օտարանալ նոյնիսկ մեր սեփական հայրենիքին մէջ: