Ջայլամի քաղաքականութիունը յատուկ է եղեր մեր ազգի ղեկավարութեան՝ դարեր շարունակ


11:17 , 31 օգոստոս, 2013

ՋԱՅԼԱՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ յատուկ է եղեր մեր ազգի ղեկավարութեան՝ դարեր շարունակ: Նախաեղեռնեան օրերուն անգամ, այդ ղեկավարութիւնը չէ ունեցած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՈՏԱՌՈՒԹԻՒՆԸ նախատեսելու դէպքերու ընթացքը....կամ տարուեր է ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԵԱՄԲ, որ թուրքը նման բան անկարելի է որ ընէ հայուն նկատմամբ... ԻՍԿ՝ ՀԻՄԱ՞: Նոյն ՊԱՏՐԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ, որ անգործութեան միայն կրնայ առաջնորդել, մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐԸ չունին ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ, որով կարենան ՏԷՐ կանգնիլ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, ուղղորդել անոր քայլերը, կամ ԵՐԱՇԽԻՔ դառնալ անոր ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ... Արդեօ՞ք բնաւ ԼՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ առարկայ դարձաւ, ազգային-պետական մակարդակով, ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ.... անոր ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ, ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ խնդիրները դարձան երբեւէ ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Մենք դժբախտաբար կը շարունակենք ԱՆՏԷՐ մնալ, երբ ունինք ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, որ էապէս կրաւորական կեցուածք որդեգրած է ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ նկատմամբ...