Իւրաքանչիւրս գուցէ պէտք է հարցնենք սա հարցումը՝ ի՞նչ կրնամ ընել ես ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԱՄԱՐ


19:10 , 12 հունիս, 2013

ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ գործ է, աշխատանք, նուիրաբերում յանուն ՀԱՅԱԿԵՐՏՄԱՆ սուրբ նպատակին... Քար մը աւելցնել է ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԿԱՌՈՅՑԻՆ, լուռ ու անաղմուկ...ինչպէս մեր քարգործ, քանդակագործ, ճարտարապետ բազում-բազում ՎԱՐՊԵՏՆԵՐԸ, որոնց շատ անգամ անունն իսկ անյայտ է մնացած... Իւրաքանչիւրս գուցէ պէտք է հարցնենք սա հարցումը՝ ի՞նչ կրնամ ընել ես ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԱՄԱՐ...եւ կարեւոր չէ, թէ կը գնահատուի՞ աշխատանքդ, թէ՝ ոչ... Վստահաբար, սակայն, կ՛ունենաս ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՀՈԳԵԿԱՆ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է՝ ԱՆԿՈՂՈՊՏԵԼԻ, ԱՆԲՌՆԱԲԱՐԵԼԻ...