Մենք գիրով կը կրակենք, անոնք մեզ բանտի խուցերը կը նետեն


13:18 , 20 դեկտեմբեր, 2013

Այսօր Պոլսոյ մէջ Արեւմտահայ մտքի զինուորներէն մին բանտ կը տարուի: Կարծես ոչ մէկ բան փոխուած է Դարէն... Սեւան Նշանեան բառարարանգիրը, կրօնաբանը եւ բառի ասպետը այսօր կը բանտարկուի: Դարը նոյնն է.Մենք գիրով կը կրակենք անոնք մեզ բանտի խուցերը կը նետեն: Չեմ գիտեր աս անհամաչափ պատերզամին վերջը ե՞րբ պիտի գայ: Կամ երբ է այն օրը որ մենք խաղին կանոնները պիտի շրջենք ու դիմացինին հետ պիտի խօսինք միայն իր հասկցած լեզուով... Աչքի դէմ աչք, ատամի դէմ ատամ օրինաչափութեամբ: Մենք բոլորս Սեւան Նշանեան ենք այսօր: Մինչեւ արդարութեան յաղթանակը: