Պարոնայք, ահա հոս հասցուցիք Լիբանանը ձեր ճարերով, պոռչտուքներով եւ յաղթողի դիրքերէ խօսելով


17:15 , 23 նոյեմբեր, 2013

Պէյրութի մէջ Իրանեան դեսպանատան դէմ կատարուած անձնասպանական գործողութիւն կատարողները երկուքն ալ .... Լիբանանցիներ դուրս եկան: Ոչ Իրանքէն, Ոչ Եէմէնէն եւ ոչ ալ Արբական Ծոցի երկիրներէն այլ Լիբանանէն: Ըսելիքս ինչ է, անոնք որ պոռալով, գոռալով, իրենց մատները թափ տալով կը խօսին արդէն քանի տարի ժամանակն է, որ մտածեն, թէ իրենց պատճառով ինչքան բողոքի թոյն կուտակուած է որոշ համայնքի զաւակներու հոգիներուն մէջ .. որ արդէն անոնք սկսած են ըսել «Մահը ում շունն է» ըսել ու տրաքացնել իրենց մարմինները` ըստ իրենց «նպատակ»-ի մը համար: Պարոնայք ահա հոս հասցուցիք Լիբանանը ձեր ճարերով, պոռչտուքներով եւ յաղթողի դիրքերէ խօսելով ... Երկրորդական թեմա է դէպքին գնահատական տալը: Միով բանիւ նման դէպքերու պարագային կը յիշեմ «Լիզպոնեան անձնասպանական գործողութիւն»-ը ու հարց կուտամ մեզմէ շատերուս համար «հերոսութիւն» համարուած այդ աքթին եղանակով կատարուած այս զոյգ պայթումները, որ ցնցեցին Պէյրութը հիմա ի՞նչ պէտք է համարել «Հերոսութիւն», թէ «ոճրագրործութիւն» .... Ահա եւ հարցումը հիմա: Ամէն պարագայի կը խոստանամ յառաջիկայ օրերուն գրել այս մասին աւելի մանրամասն: Խօսքը երկու չափ երկու կշիռի մասին է: Մտածենք այս մասին: