Aravot.am-ը գրում է.

Սուրբ Աթոռոյ ներքոստորագրեալ հոգեւորականներս ցաւով կ’արձանագրենք, որ ստիպուած ենք նոր յայտարարութիւն մը հրապարակել՝ պատասխանելու եւ անդրադառնալու «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ 12 Նոյեմբեր, 2021-ի՝ «Պատրիարքութիւն Հայոց, Երուսաղէմ» անուամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան եւ տարածած ապատեղեկատւութեանց: Նախ կարեւոր է նշել, որ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վրայ հիւրանոց կառուցելու վերաբերեալ որեւէ համաձայնագիր նախքան այս համաձայնագրի ստորագրումը երբեք չէ՛ քննարկուած, եւ չէ՛ վաւերացուած Տնօրէն և Միաբանական Ժողովներու կողմէ: Ըսուածը կը փաստեն նաեւ Տնօրէն եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովներու ատենագրութիւնները: Հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, թէ «հիւրանոց կառուցելու ծրագրի մասին 12 յաջորդական տարիներ խօսուած է Տնօրէն Ժողովներուն մէջ…: Այս առնչութեամբ նախ կ’ուզենք ըսել, որ ստորագրեալներէս 4-5 եկեղեցականներ այդ 12 յաջորդական տարիներու ընթացքին եղած են Տնօրէն ժողովի անդամներ եւ կը փաստէն, որ հիւրանոց կառուցուելու մասին երբեք որեւէ առաջարկ կամ համաձայնագիր չէ բերուած ժողովի: Ապա շատ կարեւոր է նշել, որ կալուածական հարցերը, առաւել եւս որեւէ կալուածի վրայ հիւրանոց կառուցելու մասին չի խօսուիր Տնօրէն Ժողովի մէջ, այլ համաձայնագիրը նախ կը բաժնուի Տնօրէն Ժողովի անդամներուն, որոնք այն ուսումնասիրելէ ետք կը քննարկեն Տնօրէն Ժողովի նիստի ընթացքին, համաձայնագիրը պատրաստած փաստաբանին հետ, ապա այն կը դրուի քուէարկութեան եւ այդպէ՛ս կը վաւերացուի: Համաձայնագրի՝ 25 տարիէ աւելի ըլլալու պարագային, «Տնօրէն Ժողովը պարտի ներկայացնել այն Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի» (ՄԸԺ, Դ. նիստ, 2015) քննութեան՝ դարձեալ փաստաբանի ներկայութեան, ապա բոլոր միաբանները կը քուէարկեն առաջարկուող համաձայնագրի վաւերացման համար եւ միայն մեծամասնութեան քուէն ստանալէ ետք համաձայնագիրը վաւերացուած կը համարուի: Աւստրալացի հրեայ Դանի Ռուբինշտէյնի հետ ստորագրուած «Կովերու պարտէզ» կալուածի համաձայնագիրը չէ քննարկուած եւ չէ վաւերացուած ո՛չ Տնօրէն եւ ո՛չ ալ Միաբանական Ժողովներու մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ ստորագրուած համաձայնագիրը «ամենէն շահութաբերն է վանքին համար»: Այս առնչութեամբ կարեւոր է նշել, որ համաձայնագրի ստորագրմամբ խախտուած է տասնամեակներ շարունակ Պատրիարքութեան կողմէ որդեգրուած կարեւոր սկզբունք մը եւս. որեւէ կալուած վարձակալութեան տալու պարագային նուազագոյնը երեք առաջարկութիւն (bid) ընդունիլ եւ անոնցմէ յարմարագոյնը զատել ստորագրութեան համար: «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձակալութեան համար Կալուածոց տեսչութեան կողմէ ընդունուած է ընդամէնը մէկ առաջարկութիւն, որը հնարաւորութիւն չէ տուած համեմատելու թէ արդեօք այն ամենէն շահութաբե՞րն էր, թէ աւելի շահութաբեր առաջարկներ կրնային ըլլալ: Կը զարմանանք թէ ինչի՞ հետ համեմատած կ’ըսուի թէ այն ամենէն շահութաբերն էր: Կը նշուի նաեւ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է «պատրիարքական հեղինակութեամբ»: Այս բառակապակցութիւնը նոր եւ շինծու արտայայտութիւն մըն է, որ առաջին անգամ ըլլալով շրջանառութեան մէջ կը դրուի: Մենք մեծ յարգանք ունինք Սուրբ Աթոռոյս գահակալին եւ անոր հոգեւոր հեղինակութեան հանդէպ, սակայն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կանոնադրութիւնը յստակ կը սահմանէ, որ «Սրբոց Յակովբեանց Առաքելական Աթոռոյ Վարչութիւնը յաձնուած է Երուսաղէմի Ս. Պատրիարքին, որ կը գործէ օրինաց սահմանին մէջ՝ ըստ տրամադրութեան Կանոնադրութեան» (Յօդ. 21, էջ 11): Աւելին՝ կանոնադրութիւնը յստակ կը սահմանէ նաեւ, որ Սուրբ Աթոռոյ կառավարման համար «Պատրիարքին պաշտօնն է միանգամայն եւ պարտաւորութիւնը ճշդիւ հետեւիլ Միաբանութեան Կանոնագրին» (Յօդ. 23, էջ 11): Վերոնշեալ յօդուածները յստակ կը սահմանեն, որ Սուրբ Աթոռոյս գահակալները կը գործեն համաձայն Կանոնադրութեամբ իրենց տրուած իշխանութեան, եւ ոչ թէ պատրիարքական հեղինակութեամբ: Յատուկ կարեւորութեամբ կ’ընդգծենք, որ Սուրբ Աթոռոյս կալուածները վարձակալութեան տալու պարագային կալուածատէրը ողջ միաբանութիւնն է, և վարձակալը գործ ունի Պատրիարքութեան հետ։ Հետեւաբար, Պատրիարքի ստորագրութեամբ կամ, ինչպէս կը յայտարարեն, «Պատրիարքական հեղինակութեամբ» որեւէ կալուած վարձակալութեան տրուելէ առաջ պիտի անցնի անհրաժեշտ կանոնական գործընթացով եւ միաբանութեան մեծամասնութեան քուէարկութեամբ եւ վաւերացմամբ, որպէսզի պայմանագիրը օրինական ըլլայ։ Նոյն ենթաբաժնին մէջ նշուած է, թէ իբր «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ կնքուած համաձայնագիրը հաստատուած է Տնօրէն Ժողովի կողմէ: Անգամ մը եւս կը վկայենք, որ այն չէ քննարկուած Տնօրէն ժողովի մէջ, հետեւաբար քուէարկութիւն չէ եղած եւ չէ վաւերացուած Տնօրէն Ժողովին կողմէ: Աւելին՝ քանի որ համաձայնագիրը 99 տարւոյ է, ապա այն պիտի վաւերացուէր Միաբանական Ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ պարտ էր ստորագրուէր նաեւ Միաբանական Ժողովի Ատենապետի կողմէ: Ինչպէս առաջին յայտարարութեամբ ըսած էինք, այս յայտարարութեամբ եւս կը վերահաստատենք, որ վերոնշեալ պահանջքները ամբողջովին անտեսուած են եւ համաձայնագրի ստորագրումը, այո՛, հակականոնական է եւ կը հակասէ Կանոնադրութեան պահանջներուն: Այս առթիւ կ’ահազանգենք նաեւ, որ հարցը միայն օրինականութեան դաշտին մէջ չէ, այլ այն մէկ հարթութիւն աւելի վեր է: Այս տարածքը Պատրիարքարանի, Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի հետ միասին կը կազմէ մէկ ամբողջութիւն, եւ իր դիրքի կարեւորութեամբ կ’ապահովէ վանքի և հայկական թաղամասի բնականոն կեանքը եւ անդորրը։ Ասիկա խիստ կարեւոր հանգամանք մըն է, քանի որ յիշեալ տարածքի 99 տարիով օտարումը եւ ատորմով պայմանաւորուած սոյն տարածքի վրայ վերահսկողութեան կորուստը խիստ բացասաբար պիտի անդրադառնայ յետագայ մեր բնականոն կեանքի վրայ եւ խոցելի պիտի դարձնէ Սուրբ Աթոռոյս գործունէութիւնն ու նուիրական առաքելութեան շարունակականութիւնը։ Նկատի ունենալով վերոնշեալ բացատրութիւնները, այսու, ներքոնշեալ Միաբան հայրերս դարձեալ կը դիմենք Պատրիարք Սրբազան Հօրը՝ չեղեալ յայտարարելու «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ ստորագրած համաձայնագիրը: Որպէսզի այդ չեղարկումը սահուն կերպով ընթանայ, մենք կը պահանջենք, որ Կալուածոց տեսչի պաշտօնէն հեռացուի հակականոնական ընթացք որդեգրած Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեանը, որ ամէն կերպ խոչընդոտ կը հանդիսանայ գործարքին չեղեալ յայտարարելուն: Արիս Արք. Շիրվանեան Խաժակ Արք. Պարսամեան Գիսակ Արք. Մուրատեան Վիգէն Արք. Այքազեան Ժիրայր Ծ. Վրդ. Թաշճեան Կոմիտաս Վրդ. Շէրպէթճեան Բարսեղ Ծ. Վրդ. Գալէմտէրեան Գուսան Վրդ. Ալճանեան Բագրատ Ծ. Վրդ. Պուրճէքեան Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Զաքարեան Խադ Վրդ. Ճունտուրեան Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան Վազգէն Աբղ. Ալէքեան Տիրան Աբղ. Յակոբեան Գէորգ Աբղ. Հայրապետեան Ներսեհ Աբղ. Ալոյեան Աղան Աբղ. Գոգչեան

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել